2017-01-09 09:52:00

Էջմիածինի եւ բոլոր թեմերուն մէջ խաչի կնքահայրերը` Սուրիահայեր


Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Միածնաէջ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հայրապետական Ս. պատարագ` ներկայութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի,  վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, պատգամաւորներու եւ կառավարութեան անդամներու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբաններու, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու, հայ եկեղեցւոյ բարերարներու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու:

Հանդիսաւոր թափօրով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս վեհարանէն ուղղուեցաւ մայր տաճար: Այս տարի հայրապետական ամպհովանին կը կրէին սահմանամերձ շրջաններու` Տաւուշի մարզի Կոթի համայնքի, Ներքին Կարմիրաղբիւր համայնքի, Բաղանիսի համայնքի եւ Բերքաբեր համայնքի ղեկավարները: Արարողութեանը` իբրեւ առընթերականեր, սպասարկեցին Մայր Աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեանն ու Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանը: Ս. պատարագին ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց համայն հայութեան` բոլորին փոխանցելով Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը:

Իր խօսքին մէջ ան նաեւ իր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները յղեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն: Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ան Տիրոջ զօրակցութիւնը մաղթեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներուն, հայրական իր սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց հաւատաւոր բոլոր հայորդիներուն` ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Իր քարոզին մէջ վեհափառ հայրապետը պատգամեց ժողովուրդը Աստուծոյ կամքին հետեւելու, բարին ընտրելու, դէպի կատարեալը ընթանալու, տոգորուելու կեանքը բարեփոխելու վճռականութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Ան կոչ ուղղեց` ըլլալու ողորմած, արդարամիտ ու եղբայրասէր: «Զօրանանք Տիրոջմով, որ կարենանք իրականութիւն դարձնել մեր յոյսերը, իրագործել ազգային մեր նպատակները: Մեր հոգիներուն մէջ վառ պահենք հաւատքը` իբրեւ առ Տէրն առաջնորդող բեթղեհէմեան աստղալոյս, եւ իմաստուն մոգերու պէս մեր կեանքի ճանապարհը միշտ դարձնենք հաւատարմութիւն ու նուիրում առ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս», յայտնեց ան:

Ս. պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը հանդիսապետեց նաեւ ջրօրհնէքի արարողութեան: Սրբալոյս Միւռոնը Ս. խորան բարձրացուց հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, ապա սուրբ գրային ընթերցումներէն եւ շարականներու երգեցողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը կարդաց Ս. Բարսեղ Կեսարացիի ջրօրհնեաց աղօթքը եւ Ս. Միւռոնով ու խաչով օրհնեց ջուրը: Օրհնութենէն ետք մայր տաճարի խաչը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուեցաւ Խաչի կնքահօր, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Յարութիւնեանն էր:

Արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոս վերստին ներկաներուն փոխանցեց հայրապետական իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները:

Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Արժէ նշել, որ այս տարի բոլոր  Խաչի կնքահայրերը սուրիահայ անձնաւորութիւններ էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.